2011-12-18 12:19:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կ՛այցելէ Հռոմի <<Ռէպիպիա>> Բանտը։


Կիրակի 18 դեկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 9.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իքնաշարժով մեկնելով Վատիկանէն հովուական այցելութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Հռոմի Ռէպիպիա Բանտը ուր հասաւ ժամը 10ին։ Զինք դիմաւորեցին Իտալիոյ Արդարութեան Նախարար Բաօլա Սեւերինօն` Քրեակատարողական վարչութեան աշխատակազմի Պետ ֆրանքօ Եոնդա` Բանտի Տնօրէն Գարմէլօ Գանթոնէ եւ Բանտի մատրանապետները` հայր Բիէր Սանտրօ Սբրիանօ եւ Հայր Րօպէրթօ Կուարնիէրի։ Բանտի մատրան մէջ, Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսք ուղղեցին. Իտալիոյ արդարութեան նախարարը եւ հայր Բիէր Սանտրօ Սբրիանօ 300 բանտարկեալներու ներկայութեամբ։ Իսկ միւս բանտարկեալները կարելիութիւնը ունեցան արարողութեան հետեւելու ուղղակի եթերի պատկերասփռումի միջոցաւ։
Ապա տեղի ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետի ճարը որմէ ետք առիթ տրուեցաւ մի քանի բանտարկեալներուն հարցումներ ուղղելու Սրբազան Հօր։ Հարցումներու ընթացքին բանտարկեալներէն ոմանք խնդրեցին Սրբազան Քահանայապետէն որ աղօթէ իրենց համար եւ հանդիսանայ իրենց բանբերը իտալական կառավարութեան ու իշխանութիւններուն մօտ ։ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը մէկ առ մէկ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Բանտարկեալի մը արտասանած աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթելու Հայր Մեր աղօթքը։ Ապա բոլորին տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։ Մէկ ժամ տեւող հանդիպումի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ օրհնեց` Քահանայապետի այցելութեան ի յիշատակ` եկեղեցւոյ բակը զետեղուած` Նոճի ծառը ու հրաժեշտ առնելով ժամը 11.30 իքնաշարժով վերադարձաւ Վատիկան ուր կէսօրին իր գրասենեակի պատշքամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Յայտնենք որ Ռեպիպիա բանտը մայրաքաղաքին մեծագոյն կեդրոնն է ուր կ՛ապրին գրեթէ 1740 բանտարկեալներ եւՊենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երկրորդ անգամն է որ կ՛այցելէ բանտարկեալները։ Արդարեւ առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 2007ին, անչափահասներու բանտը կատարած այցելութեամբ։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եւս իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին, յաճախ այցելութիւններ կատարած էր բանտարկեալներուն եւ իր քահանայապետութեան շրջանին` միմիայն Իտալիոյ մէջ, ան 10 անգամ այցելած էր բանտերը։ Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը եւս Հռոմի Ռեճինա Չելի բանտը այցելած էր 1964-ի` 9 ապրիլին, իսկ երանելի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը 26 դեկտեմբեր 1968ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.